Սուրիոյ համար գլխաւոր վտանգը Իսրայէլի քաղաքականութիւնն է։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։
«Մենք վստահ չենք, որ Իսրայէլ կը ցանկայ տեսնել կայուն, բարգաւաճ, հզօր, զարգացող եւ ծաղկող Սուրիա։
Իսրայէլ կը փորձէ ապակայունացնել Սուրիան։ Սա այն է, ինչ մենք չենք ուզեր տեսնել։
Եւ այս այն ուղերձն է, որ մենք կ՚ուզենք փոխանցել իսրայէլացիներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի կառավարութիւններուն։ Դադրեցուցէ՛ք այնպիսի ռազմավարութիւն կիրարկել, որուն համաձայն ձեր անվտանգութիւնը պէտք է ապահովուի ուրիշներու անապահովութեան եւ պառակտման հաշուոյն։
Եկէք փոխենք այս մօտեցումը։ Երբ տարածաշրջանի միւս երկիրները կայուն ու անվտանգ ըլլան, այդ կրնայ նաեւ ձեզի օգտակար ըլլալ»,– ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը։