Ամառը Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ այս տարի եւս կը սկսի ուրախութեամբ, աշխուժութեամբ եւ մանկական ժպիտներով։ Վարժարանի ամառնային յատուկ յայտագիրը՝ «Ովասիս»ը, իր դռները բացաւ 140 մանուկներու առջեւ՝ արձանագրելով իր 26-ամեայ պատմութեան ամենաբարձր մասնակիցներու թիւը։
Ստորեւ այդ մասին «Արեւելք»ի խմբագրութեան յղուած լրատւութիւնը՝
Մեսրոպեան վարժարանի ամառնային յատուկ յայտագիրը՝ «Ովասիս»ը, բացաւ իր դռները՝ 26-ամեայ իր պատմութեան մէջ արձանագրելով մասնակիցներու մրցանիշային թիւ։
Այս տարի «Ովասիս»ին կը մասնակցին 140 մանուկներ, որոնք յառաջիկայ երկու ամիսներուն ընթացքին պիտի ապրին ուրախ, դաստիարակչական եւ ստեղծագործական ամառ մը։
Նոր բարեկամութիւններ, ստեղծագործական արուեստանոցներ, մարզական գործունէութիւններ, կրթական պահեր, ծիծաղ եւ անմոռանալի յուշեր կը սպասեն մասնակիցներուն՝ Մեսրոպեան վարժարանի ջերմ եւ հոգատար մթնոլորտին մէջ։
«Ովասիս»ը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ ամառնային արձակուրդը կրնայ դառնալ ոչ միայն հանգիստի, այլեւ ընկերութեան, ինքնարտայայտման, ուսման եւ ուրախութեան գեղեցիկ առիթ։