Երէկ գիշերուընէ սկսեալ լարուած իրավիճակ կը տիրէ Իրաքի Քարպալլա քաղաքին մէջ։ Այս մասին լուրը կը հաղորդէ BBC Arabic կայանը։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ հարիւրաւոր ցուցարարներ բողոքի հաւաք կատարած են քաղաքին մէջ գտնուող Իրանի հիւպատոսարանին առջեւ։
Հաւաքի ընթացքին գրանցուած են բախումներ եւ ինկած են 3 զոհեր։
Կը խօսուի նաեւ տասնեակ վիրաւորներու մասին։
Նշենք, որ 15 օրէ ի վեր Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի, ինչպէս նաեւ տասնեակ շրջաններու մէջ բողոքի ցոյցեր կ՚իրականացուին։
Ցուցարարները կը պահանջեն երկրի վարչապետ Ատէլ Ապտըլ Մահտէյի եւ անոր կառավարութեան հրաժարականը։