image

Քահանայական ձեռնադրութիւն՝ Կրինֆիլտ քաղաքին մէջ

Քահանայական  ձեռնադրութիւն՝ Կրինֆիլտ   քաղաքին  մէջ

Հայաստանեայց  Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցած է քահանայական ձեռնադրութիւն։ Այս մասին կը տեղեկանանաք Նիւ Եորքի Ազգային առաջնորդարանէն:

Ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցած է Կրինֆիըլտի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան քահանայ ձեռնադրած է Ալպերթ Սարկաւագ Համբարձումեանը։ Նորընծան վերանուանուած է Տ. Կիւրեղ Քհնյ. Համբարձումեան։

Նորընծան ծնած է Երեւանի մէջ եւ 2019 թուականին աւարտած՝ Արեւելեան թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանը։

Թեմակալ առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան «քորոնա» ժահրի համաճարակով պայմանաւորուած խիստ սահմանափակումներէն վերջ առաջին անգամ իրականացուցած է հովուական այցելութիւն մը, որու ծիրէն ներս ալ այս քահանայական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցած է Միլուաքիի մէջ։