Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ բախումներ գրանցուած են Լիբանանի Սայտա քաղաքին մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ լիբանանեան լրասփիւռներէ։
Մեր ունեցած տուեալներով բախումները եղած են պաղեստինեան «Ալ Ռաշիտիյէ» գաղթակայանին մէջ եւ գրանցուած կրակոցներուն հետեւանքով ինկած է 2 զոհեր եւ կան առնուազն 4 վիրաւորներ։
Նշենք, որ Լիբանանի տարածքին գտնուող պաղեստինեան գաղթակայանները մինչեւ այս պահը կը համարուին ապօրինի զէնքի վտանգաւոր կեդրոններ։