Թուրքիան յայտարարած է Ռուսաստանին 18 սուրիացի ռազմագերի յանձնելու մասին, որոնք գերի վերցուած էին Սուրիոյ հիւսիսը Անգարային աջակցող կազմաւորումներու կողմէ։ Այս մասին տեղեկութիւնը հրապարակուած է Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան Թուիթըրի էջին, կը տեղեկացնէ ԹԱՍՍ-ը։
Աւելի վաղ Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը տեղեկացուցած էր ռուս գործընկերներու հետ բանակցութիւններու մասին ՌԴ-ին 18 սուրուացի ռազմագերիներ յանձնելու վերաբերեալ։ Նշուած էր, որ անոնցմէ երկուքը վիրաւոր է եւ բուժօգնութիւն ստացած է:
29 Հոկտեմբերին Al Arabiya հեռուստաալիքը, յղում կատարելով քրտական աղբիւրներուն, տեղեկացուցած էր, որ զինուած սուրիական ընդդիմութեան կազմաւորումները գերի վերցուցած են սուրիական բանակի զինուորներ Թէլ Թամեր բնակավայրի մէջ, որ կը գտնուի արաբական հանրապետութեան հիւսիս-արեւելքը։ Այնտեղ տեղի ունեցած է թրքական զօրքերու եւ թրքամէտ ուժերու բախում սուրիացի ուժայիններու հետ։