image

Հիւսիսային Իրաքի մէջ 7 թուրք զինուորներ սպաննուած են

Հիւսիսային Իրաքի մէջ  7  թուրք զինուորներ  սպաննուած  են

   7 Թուրք  զինուորներ սպաննուած են  Իրաքի  հիւսիսային  Մեթին  շրջանին  մէջ քիւրտերու հետ   տեղի ունեցած  բախումներուն ընթացքին։

 Այս  մասին լուրը  տարածած է «Ահվալ»  կայքը նշելով, որ   թուրք զինուորները սպաննուած են  «Ազատ  կանանց ջոկատ»ի   (OSZH-Star)  միջոցաւ տեղի ունեցած   գործողութեան հետեւանքով։

 

  Յաւելեալ մանրամասնութիւններ  ներկայացնելով աղբիւրը նաեւ նշած է, որ գործողութիւնը եղած է  Մեթին շրջանի Քորդինա  բլուրին    տեղակայուած թրքական  բանակի   զօրակայանին   դէմ։