«Ռուսական խաղաղպահ զօրակազմի ներկայացուցիչները ապահոված են Ատրպէյճանի զինուած ուժերու վեց շարասիւնի անցումը. 4-ը Լաչինի միջանցքով դէպի հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններ, մէկը՝ Շուշի-Կարմիր շուկայ-Քաջար երթուղիով, մէկն ալ՝ հակառակ ուղղութեամբ»,- ըսուած է ՌԴ ՊՆ տեղեկագրին մէջ:
Ռուս խաղաղապահները կ'ապահովեն քաղաքացիներու անվտանգ տեղշարժը եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վերականգնումը:
Ճարտարապետա-սակրաւորական խումբերը 23 Նոյեմբեր 2020-էն ի վեր չպայթած զինամթերքէ մաքրած են 2121 հա տարածք, 657.3 քմ ճանապարհ, 1844 շինութիւն, յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է 25 613 պայթիւնավտանգ առարկայ: