Հայոց մեծ գաղթականութիւնէն եւ աղէտէն (1915) 100 տարի անց գանձախոյզներ տակաւին կը շարունակեն հայերու եւ յոյներու թաղած ոսկիները փնտռել: Այս մասին կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա»ն: Թերթը, որ իր փոխանցած լուրին աղբիւրը կը վերագրէ համացանցին վրայ տարածուած տեղեկութեանց կը յայտնէ նաեւ, որ այսօր Թուրքիոյ մէջ գանձ փնտռելը դժուար չէ, բայց պէտք է կառավարական մարմիններէ արտօնութիւն ստանալ ու յայտնաբերուած հարստութեան կէսը պետութեան յանձնել: Ըստ պոլսահայ պարբերականին գանձ փնտռողները պէտք է արտօնութիւն ստանան պետական իշխանութիւններէն եւ պէտք է գիտնան, որ այսօրուան օրէնքներու լոյսին տակ, անոնք իրենց գտած գանձին կէսը պետութեան յանձնելու պարտաւորութիւնն ունին:Աղբիւրը թրքերէնով հրապարակուած տեղեկութիւնները թարգամնելով կը գրէ, թէ հայեր ու յոյներ անցեալի մէջ իրենց թանկարժէք առարկաները թաղած էին հողին տակ նկատել տալով, որ «Անցեալին Թուրքիոյ մէջ բնակող հայ եւ յոյն հայրենակիցները պատերազմի ու գաղթի պայմաններու հետեւանքով ստիպուեցան լքել իրենց տուները»:Այստեղ խօսք չկայ աքսորի ու բռնի տեղահանութեան մասին: Լուրը այսպէս կը շարունակուի.«Այս մարդիկը, գաղթելու ընթացքին, դիւրին փոխադրելու նպատակով իրենց ունեցած արժէքաւոր իրեղէնները ոսկիի փոխակերպեցին: Բայց աւելի վերջ, մտածելով, որ օր մը պիտի վերադառնան իրենց տուները, փոխանակ այդ ոսկիները իրենց հետ տանելու, նախընտրեցին զանոնք թաղել իրենց տան հողին տակ: Հիմա հայ ու յոյն մեր հայրենակիցներուն թաղած այս գանձերը հողին տակ կը սպասեն անտէր վիճակի մէջ: Գանձախոյզները, որոնք կը քննարկեն հայոց պատրիարքարանի արձանագրութիւնները, կ'երթան նախկին հայաբնակ վայրերը ու քարտէզներով ճշդուած այդ շրջաններուն մէջ ամէն միջոցի կը դիմեն, որպէսզի գանձ գտնեն հողին տակէն»:Այս առթիւ դարձեալ դիտել կը տրուի, որ սա կամ նա կերպով հողին տակ թաղուած պատմական հնութիւնները կամ անձերու յատուկ գանձերը միշտ եղած են զանոնք գտնելով մէկ անգամէն հարստանալ ցանկացողներու մեծ յոյսը: Այսպիսի երազանքէ մը տարուած մարդիկ շատ անգամ իրենց ունեցած-չունեցածը ծախելով խուզարկելու գործիքներ գնած, նոյնիսկ հողը փորելու մեծ մեկենաներ ապահոված են: Հակառակ այս տարածուն պատկերին, քիչեւ միայն կրցած են արդիւնք ձեռք բերել: Այս պայմաններու մէջ կարելի է ըսել, որ գանձ փնտռելը այս երկրի մէջ տեսակ մը հիւանդութիւն դարձած է: Այսօր գանձախոյզ ներ թէքնիք նոր կարելիութիւններն ալ կ'օգտագործեն, մինչեւ իսկ րատար կը գործածեն, բայց պէտք չէ մոռնան, որ այս խուզարկումին համար պէտք է արտօնութիւն ստանան: Այս պայմաններուն մէջ անհատը, իր գտածին կէսը պետութեան պիտի յանձնէ:այերը իրենց տուները լքելէ առաջ կը նախընտրէին իրենց ոսկիները թաղել իրենց բնակած տան տակը: Մինչդեռ յոյները կը նախընտրէին ոսկիները թաղել տունէն դուրս, պարտէզը, տան ներսէն տեսանելի կէտի մը վրայ: Անատոլուի բազմաթիւ տեղերը այսօր ալ տակաւին կան հայերէ ու յոյներէ մնացած բնակարաններ: Ուրեմն գանձախոյզները պէտք է խուզարկեն պարտէզի մը այն մասերը, որոնք ներսի պատուհանէն տեսանելի են: Ոսկիները կրնան թաղուած ըլլալ մեծ ժայռի մը տակ կամ ծառի մը արմատին մօտ: