image
Հրատապ լուրեր:

Ի վերջոյ ամերիկահայերու պայքարին մէջ լոյս մը երեւցաւ. Los Angeles Times

Ի վերջոյ ամերիկահայերու պայքարին մէջ լոյս մը երեւցաւ. Los Angeles Times

ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարիներ շարունակ ամերիկահայերու մղած պայքարի վերջաւորութեան, կարծես թէ, լոյս մը կը նշմարուի, գրած է Los Angeles Times-ը՝ անդրադառնալով օրեր շարունակ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներով շրջանառուող լուրերուն, որոնց համաձայն՝ ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտըն կը պատրաստուի ճանաչել Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու դէմ իրագործուած ոճրագործութիւնները։

«Խոստմնալից կը հնչէ, բայց կը համոզուինք միայն այն ժամանակ, երբ ան արտաբերէ այդ խօսքերը»,- թերթին յայտնած է ամերիկահայ՝ Սթեֆան Փեչտիմալճին։

Թերթը գրած է, որ «այդ հայերուն համար շրջադարձային իրադարձութիւն կ'ըլլայ, քանզի շատերու ինքնութիւնը ձուլուած է Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարին հետ։ Կայ թեթեւութեան զգացողութիւն, բայց կայ նաեւ սուր գիտակցութիւն, որ այդ ընդամէնը մէկ քայլ առաջ է  դէպի աւելի մեծ ճակատամարտ»։

«Երբ ան արտաբերէ այդ խօսքերը, արդեօք ատիկա կը փոխէ՞ իմ կեանքը: Արդեօք իմ ցաւը ինչ որ չափով կ'ամոքէ՞։ Չեմ գիտեր»,- խոստովանած է ամերիկահայ՝ Լորի Մեսրոպեան, որ 4 տարեկանէն սկսեալ մասնակցած է Լոս Անճելոսի փողոցներուն վրայ Ցեղասպանութեան ճանաչման հանրահաւաքներուն։

Թերթը ընդգծած է,  որ արդարութեան համար պայքար կը մղեն ոչ միայն աւագ սերունդի ներկայացուցիչները, այլեւ երիտասարդները․ 22-ամեայ Թատէ Մաթոսեան թերթի հետ զրոյցին յայտնած է, որ ամէն անգամ, որ կը յիշէ, որ Արարատ լեռը՝ Հայաստանի ազգային խորհրդանիշը, կը գտնուի ներկայիս Թուրքիոյ մէջ, սրտի կսկիծ կը զգայ:

«Այդ կ'ազդէ հոգեկան առողջութեան վրայ։ Ամէն օր ես կ'ուզեմ ուղիներ գտնել մեր համայնքին օգնելու համար»,- յայտնած է Մաթոսեան։

Ինչպէս կը նշէ թերթը, ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչները վստահ են, որ ԱՄՆ-ի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կրնայ «վէրքերու բուժման, բայց երբեք սպիացման սկիզբը ըլլալ»։