«Ժամանակ» թերթի փոխանցմամաբ, 93-ամեայ աշխարհահռչակ երգահան-երգիչ Շառլ Ազնաւուր պիտի դադրի Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան ըլլալէ։ Հայաստանի համար խիստ կարեւոր այդ երկրին մէջ դեսպան պիտի նշանակուի ՀՀԿ ցուցակի 4-րդ համարը՝ Արա Պապլոյեան, որու անունը կը շրջանառուէր առողջապահութեան նոր նախարարի պաշտօնի համար։
Որոշում կայացուած է, որ մասնագիտութեամբ վիրաբոյժ-ուրոլոկ 70-ամեայ Պապլոյեանը պէտք է զբաղուի դիւանագիտական աշխատանքով:
«Ժամանակ»ի տեղեկութիւններով՝ ՀՀԿ ցուցակի առաջին 5 համարները պատգամաւորական մանդատ պիտի չվերցնեն: «Վիգէն Սարգսեանն ու Արփինէ Յովհաննիսեանը մնալու են գործադիրում: Տարօն Մարգարեանն էլ ցանկանում է ընտրուել քաղաքապետի պաշտօնում»,–գրած է թերթը։
Մանրամասները՝ թերթի այսօրուայ համարին մէջ։