image

Միացեալ Նահանգներ պատրաստ է միջնորդութեան. ԱՄՆ-ի դեսպան

Միացեալ Նահանգներ պատրաստ է միջնորդութեան. ԱՄՆ-ի  դեսպան

 

Ամերիկեան ընկերութիւնները հետաքրքրուած են եւ աշխոյժօրէն կը մասնակցին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Լեռնային Ղարաբաղի տարածքներու վերականգնման գործընթացին: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Էրլ Լիցենպըրկըրը:

«Վերակառուցումը կ'առնչուի բազմաթիւ ոլորտներու՝ ականներու վնասազերծմամբ զբաղող ընկերութիւններէն, ճարտարապետական-ձեւաւորման ընկերութիւններէն, եւ մինչեւ, հնարաւոր է, ուժանիւթի ընկերութիւններ: Որոշ ընկերութիւններ արդէն ստացած են գործելու համաձայնութիւն»,- ըսած է դիւանագէտը:

Դեսպանը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւններու խաղաղ կարգաւորման յոյս յայտնած է:

«Տարածաշրջանին մէջ հակամարտութեան աղբիւրները արմատախիլ ընելու համար շատ կարեւոր է, որ մարդիկ հաղորդակցութեան միջոց գտնեն: ԱՄՆ-ը պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերել խաղաղ կարգաւորման եւ հաշտեցման գործընթացին»,- նշած է դեսպանը: