«Լիբանանն այսօր կ՚անցնի դժուար օրերէ եւ այդ երկիրը վտանգուած է» այս խօսքերով Ֆրանչիսկոս Պապ խօսած է Լիբանանի մասին։
Պապը, որ «Քովիտ»ի հետեւանքով երկար ժամանակէ ի վեր հեռու կը մնար հանրային հաւաքներէ այսօր հանդիպած է Վատիկան այցելող հաւատացեալներու հետ։
Ան նաեւ ըսած է, որ «Պէտք է աղօթենք Լիբանանին համար ու չպէտք է լքենք այդ երկիրը»։
Նշենք, որ նախքան կարճ պատմագով հանդէս գալը Հռոմի Պապը մօտեցած է լիբանանցի վարդապետներէն ՝ Ժորժ Պըրայտիին եւ համբուրած անոր ձեռքերուն եղող լիբանանեան դրօշակը։