Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացման որոշումը կեանքի կոչելու համար հրաժարական կու տամ ՀՀ վարչապետի պաշտօնին՝ իր ուղերձին մէջ ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը:
Վարչապետի հրաժարական ներկայացնելէ եւ Կառավարութեան հրաժարականն ընդունելէ ետք` ՀՀ գործող Սահմանադրութեան համաձայն՝ եօթնօրեայ ժամկէտի մէջ, Ազգային ժողովի խմբակցութիւններն իրաւունք ունին առաջադրելու վարչապետի թեկնածուներ: Ազգային ժողովը վարչապետ կ'ընտրէ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ: Վարչապետ չընտրուելու պարագային քուէարկութենէն եօթ օր ետք տեղի կ'ունենայ վարչապետի նոր ընտրութիւն, որուն մասնակցելու իրաւունք ունին պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի առնուազն մէկ երրորդի առաջադրած վարչապետի թեկնածուները: Եթէ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ վարչապետ չընտրուի, ապա Ազգային ժողովը կ'արձակուի իրաւունքի ուժով: