2 նոյեմբերին Իրաքի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերու ընթացքին իրաւապահները ցուցարարներ սպանած են, վիրաւորուած է 91 մարդ, կը հաղորդէ Reuters-ը:
Ըստ աղբիւրի՝ վերջին օրերուն բողոքի ցոյցերը ահագնացած են՝ վերածուելով անկարգութիւններու: Երեկոյեան ոստիկանութիւնը սկսած է ցուցարարներու դէմ արցունքաբեր կազ եւ ռետինէ փամփուշտներ կիրառել:
Կը նշուի, որ հոկտեմբերին Իրաքի մէջ անկարգութիւններու հետեւանքով մահացած է աւելի քան 250 մարդ: Միայն 100 մարդ մահացած է 24 հոկտեմբերէն 1 նոյեմբերը ինկած ժամանակահատուածին, աւելի քան 5 հազար մարդ վիրաւորուած է:
Յիշեցնենք, որ 1 հոկտեմբերին Իրաքի տարբեր շրջաններու մէջ սկսած են հակակառավարական ցոյցեր: Ցոյցի մասնակիցները կը բողոքեն վատ կենսապայմաններու եւ փտածութեան դէմ: Ցոյցերը արագ վերաճած են անկարգութիւններու: Ամենաշատ բախումները տեղի ունեցած են Պաղտատի, ինչպէս նաեւ հարաւային նահանգներու մէջ: