Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Ռուսաստանը Տոնպասի հակամարտութեան սրման համար կը մեծցնէ ռազմական ներկայութիւնը եւ կը բարձրացնէ իր բանակի մարտունակութիւնը: Այս մասին յայտնած է գերատեսչութեան մամուլի ծառայութիւնը։
Ինչպէս նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, Մոսկուան վերջին օրերուն աշխոյժացուցած է Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ինքնահռչակ հանրապետութիւններու ժողովրդական աշխարհազօրի ստորաբաժանումներու պատրաստումը, ինչպէս նաեւ սահմանին կեդրոնացուցած է կանոնաւոր բանակի ստորաբաժանումներ:
«Ռուսական բռնատիրական զօրքերը կը շարունակեն սադրիչ գնդակոծութիւններ իրականացնել ուքրանացի պաշտպաններու դիրքերու ուղղութեամբ՝ հրադադարի ռեժիմի խախտման համար անոնց մեղադրելու նպատակով»,- ըսուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Բացի այդ, գերատեչութիւնը Մոսկուան մեղադրած է «քարոզչական ջանքերու» աւելացման համար, որով «ՌԴ-ն կը փորձէ միջազգային հանրութեան աչքերուն արդարացնել Ուքրանիոյ դէմ ՌԴ զինուած ուժերու հնարաւոր սադրանքները»։
Նշուած է նաեւ, որ իրավիճակի սրման պարագային Ուքրանիան «համարժէք պատասխան» պիտի տայ:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ