Ահաբեկչական պայթումներ գրանցուած են Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Ալ Արապիա» կայանէն։
Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ անձնասպանական գործողութեան հետեւանքով զոհուած են 8 անձեր, իսկ վիրաւորներունը անցած է՝ 16-ը։
Կը նշուի նաեւ, Պաղտատի կեդրոնական «Սահաթ թայարան» շրջանին մէկ շուկային մէջ եղած պայթումին հետեւանքով զոհերուն թիւը կրնայ բարձրանալ։