«CNN Greece»-ը Արցախի մասին վաւերագրական ֆիլմ պատրաստած է, որ նուիրուած է Արցախին ու անոր ինքնորոշման պայքարի պատմութեան։ Այն հայերէն թարգմանութեամբ ներկայացուցած է aysor.am կայքը։
«Մայրս կը պատմէ, որ ես բնական պայմաններու մէջ չեմ ծնած, օրինակ` հիւանդանոցի, ինչպէս ընդունուած է: Ես ծնած եմ նկուղի մէջ, քանի որ այդ ժամանակ երեխաներուն լոյս աշխարհ գալու համար հնարաւորութիւն ընդհանրապէս չէ եղած: Ես արեւի լոյսի կարիք ունէի, բայց չէի կրնար դուրս երթալ, որովհետեւ ատիկա վտանգաւոր էր կեանքի համար: Կը կարծեմ, այս պատմութիւնը ընդհանուր է բոլոր այն ընտանիքներուն համար, որոնք չլքեցին Ստեփանակերտը ու մնացին այնտեղ ամբողջ պատերազմի ընթացքին: Այն ժամանակ ողջ բնակչութիւնը կ՛ապրէր նկուղներու մէջ»:
Ֆիլմը կը ներկայացնէ Լեռնային Ղարաբաղի պատմութիւնը, աշխարհագրութիւնն ու բնակչութիւնը, ժամանակին Ատրպէյճանի կազմին մէջ յայտնուելու հանգամանքներն ու ինքնորոշման պայքարի ուղին: Ֆիլմի հերոսներն են տեղի բնակիչներ, Արցախի յունական համայնքի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի իշխանութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, որոնք կը պատմեն ու կը բնութագրեն իրավիճակն ու արցախեան հակամարտութեան էութիւնը:
«Տարածաշրջանին մէջ կան զինուած ուժեր, որոնց միջեւ առկայ հակամարտութիւնը երեւի փոքրիկ միջադէպէ մը կրնայ վերածուիլ լայնածաւալ մարտական գործողութեան․ մենք ատիկա կը գիտակցինք ու կը նախապատրաստուին»,-ֆիլմի հեղինակ Մարիա Քարալիլաքիսի հետ զրոյցի ընթացքին կը նշէ Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը:
CNN Greek-ի նկարհանող խումբը եղած է նաեւ առաջին գիծ` հայկական դիրքեր, ու նկարահանած է մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինուորները:
«Բոլորիս ընտանիքներուն մէջ ալ պատրաստ են, որ կրնայ դժբախտութիւն պատահիլ մեր հետ: Իմ կարծիքով` հակառակորդին մօտ, երբ քաղաքական իրավիճակը կը սրուի, կամ Ատրպէյճանի ներկայ իշխանութիւնը չի կրնար յաջողութեան հասնիլ իրենց իսկ երկրին մէջ, կը սկսին իրավիճակը լարել առաջնագիծին վրայ, պատերազմական վիճակ կը խաղան իրենց ազգաբնակչութիւնը հանդարտեցնելու նպատակով»,-մարտական յենակէտի մէջ ֆիլմի հեղինակին կը նշէ գնդապետ Ռուդիկ Յակոբեանը:
ֆիլմը կ՛անդրադառնայ նաեւ 2016թ-ի Ապրիլին ռազմական գործողութիւններու վերսկսման ու կը ներկայացնէ պատերազմի մասին Արցախի բնակիչներու մտորումները, որոնք կրկին վերապրեցան այդ սարսափը:
«2016-ին մենք ատիկա նորէն տեսանք․ սահմանին վրայ արդէն կանգնած էր իմ սերունդը, իմ ընկերները, իմ եղբայրները, ու այս առումով հակամարտութիւնը ինծի համար աւելի շօշափելի դարձաւ»,- կը նշի Արեգա Յովսէփեանը:
Անոր մայրը` Լարիսան, ատելով պատերազմը, կը խոստովանի, որ վերաբերմունքը փոխած է ատրպէյճանցիներու նկատմամբ․ «Շարժումը սկսած է, ես իրենց հանդէպ բան չեմ ըրած, նոյնիսկ հայրս, որ գերի ինկած է, յետոյ դուրս եկած, ես խաղաղապաշտ եմ, կռուի դէմ եղած եմ, բայց հիմա, երբ սահմանին վրայ 18-19 տարեկան երեխաներ կը զոհուին, ես արդէն չեմ կրնար տանիլ ատիկա, հայեացքներս կը փոխուին»:
«Արցախի բնակչութեան վրայ կարելի է զգալ, որ դիրքորոշումը զգալի չափով կոշտացած է ու համարեա չեղած վստահութիւնը կրկին հասած է զերոյի», -կ՛ըսէ Արցախի խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը:
ֆիլմին մէջ կը ներկայանայ նաեւ Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներ իրականացնող «Halo Trust» առաքելութեան մասնակիցները, որոնք կը պատմեն իրենց առաքելութեան, վտանգաւոր աշխատանքի մասին եւ ցոյց կու տան այն մահաբեր ականները, որոնց պայթիւնը կրնայ վերջոյթներու կորուստի պատճառ դառնալ, իսկ երեխաներուն համար՝ մահացու:
«Շատերուն հետաքրքրական է, թէ ինչո՞ւ մենք ուղղակի չենք ուղենշեր վտանգաւոր ականապատ տարածքները, եւ տեղի բնակիչները ինչո՞ւ ուղղակի չեն խուսափիր այդ տեղանքէն: Նման պարագաներուն ես կ՛ըսեմ, որ արցախցիները ուղղակի ստիպուած են մուտք գործել այդ վտանգաւոր տարածքները, քանզի այլ ելք չունին: Այստեղ չկան զարգացած տնտեսական ենթակառուցուածքներ, մարդիկ ունին աշխատանքի խնդիր, եւ հողի ամէն քառակուսի մեթրը կ՛օգտագործուի, պէտք է մարդոց, ահա թէ ինչու անոնք ստիպուած կ՛ըլլան մուտք գործել ականապատուած տարածքներ»,- կը նշէ «Halo Trust» առաքելութեան անդամ Լոս Անճելըսէն ժամանած, ազգութեամբ հայ Ամասիա Զաքարեանը:
ֆիլմին հեղինակները Շուշիի մէջ բացայայտած են նաեւ տեղացի քանի մը յոյն ընտանիքներ, որոնք կը կազմեն Արցախի սակաւթիւ յունական համայնքը:
Շուշիի բնակիչ, արմատներով յոյն Նինա Աւանեսեանը կը պատմէ, որ ինքը ե՛ւ հայերը, ե՛ւ յոյները հաւասարաչափ կը սիրէ ու կը գնահատէ` անկեղծօրէն խոստովանելով, որ կշիռքի ոչ մէկ նժար ծանրութիւն չունի միւսին նկատմամբ:
«Այն ժամանակ պատերազմ էր, եղբայրս ալ պատերազմի մէջ էր, մայրս չէր կրնար երեխաները կիսել` մէկը տանիլ, միւսը ձգել»,-կը պատմէ Աւանեսեան` մեկնաբանելով, թէ ինչո՞ւ մնացած է Շուշի եւ չէ հեռացած Արցախէն:
«Ցաւօք, շատ նուազած է յունական համայնքը: Մինչեւ վերջին երկու տարին համայնքը կը ղեկավարէր հայրս, յետոյ ես կը ղեկավարեմ: Հիմա ալ զտարիւն յոյն միայն պապս մնացած է ամբողջ Ղարաբաղի մէջ: Ներկայիս մօտ 20 ընտանիք արձանագրուած է` յունահայ, խառն ընտանիքներ»,- կը պատմէ Արցախի յունական համայնքի ղեկավար Սոֆիա Իւանիտիսը եւ կը շարունակէ․- «Ոչ միայն ես, այլեւ բոլոր ղարաբաղցիները, եթէ բարձրաձայնենք, կ’ըսենք` մեր արդար պահանջը լսեցէք ու ականջ դրէք: Պատմական փաստեր են, որ խեղաթիւրել կարելի չէ: Մենք եղած ենք Հայաստանի մասնկիը, մենք հայ ենք, մեր քարերն ալ հայ են, մեր լռակեաց քարերն ալ հայերէն մը խօսին, պարզապէս թող աշխարհը ճանչնայ մեր անկախութիւնը ու ձգէ, որ հանգիստ արարենք»:
ֆիլմին մէջ անդրադարձ կը կատարուի զինուած հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին ու հանգամանքին, որ Արցախը չի մասնակցիր խնդրի շուրջ ընթացող ուղղակի բանակցութիւններուն:
«Այդ մասին բազմիցս պաշտօնական յայտարարութիւներով հանդէս եկած են Հայաստանի Հանրապետութեան պատասխանատուները, ողջունելի է նաեւ, որ Մինսկի խումբի համանախագահներն ալ իրենց մէջ այդ կարծիքը կը կրեն, որովհետեւ այս տարիներու ընթացքին հնարաւորութիւն ունեցած են այս հակամարտութեան խորքերը թափանցելու ու եկած են այն տրամաբանական եզրակացութեան, որ իրականութեան մէջ առանց Արցախի Հանրապետութեան մասնակցութեան այս խնդիրը չի կրնար լուծուիլ»,- կը նշէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ֆիլմի հեղինակին հետ զրոյցի ընթացքին, կը մեկնաբանէ Արցախի հակամարտութեան իրաւական կողմը` անդրադառնալով ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի ընդունած բանաձեւերուն. «Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերուն բովանդակութիւնը կարելի չէ մեկնաբանել անոնց ընդունման բովանդակութենէն առանձին: Բանաձեւը ընդունուած է իրավիճակի մը մէջ, երբ Ատրպէյճանը շարունակաբար ուժ կը գործադրէր Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ: Ատոր առաջին պահանջն է` բոլոր ռազմական գործողութիւներու անյապաղ դադրեցում, ինչ որ երբեք տեղի չունեցաւ․ Ատրպէյճանը շարունակեց գրոհել` ձգտելով ստիպել տեղի հայ բնակչութեան լքելու այն հողերը, ուր անոնք հազարամեակներ շարունակ ապրած են: Արցախցիները, բնականաբար, ատիկա չըրին: Բանաձեւի երկրորդ պահանջը կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի ինքնապաշտպանական ուժերը ցրելուն, բայց այդ ալ հնարաւոր չէր իրագործել, քանի որ Ատրպէյճանը կը շարունակէր ուժ կիրառել: Ուստի այս բանաձեւերը աւարտեցան հրադադարի մասին համաձայնութեամբ, որ ստորագրուեցաւ երեք կողմերուն` Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ: Սա է իրականութիւնը»:
Վիգէն Սարգսեան նաեւ կը խօսի այն հետեւութիւններու մասին, որոնք ըրած է հայկական կողմը 2016-ի ապրիլեան պատերազմէն ետք. «Շատ կարեւոր է յիշել, որ ռազմական գործին մէջ որեւէ վարժանք ունի ուսուցողական բաղադրիչ եւ եզրակացութիւն ընելու հիմքեր: Ակնյայտօրէն 2016-ի Ապրիլին տեղի ունեցած մարտական գործողութիւնը բազմաթիւ խնդիրներ վեր հանեց թէ՛ հակառակորդի սպառազինութեան, թէ՛ ատոնց դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ միջոցներու, եւ թէ սահմանի պաշտպանութեան արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու ուղղութեամբ»:
Վիգէն Սարգսեան կ՛անդրադառնայ նաեւ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ Եւրոմիութեան դերակատարութեան` նշելով. «Մենք աշխուժօրէն ներգրաւուած ենք ԵՄ-ի հետ համագործակցային բազմաթիւ ծրագիրներու մէջ` Արեւելեան գործընկերութիւն եւ ոչ միայն: Զարգացած են բազմակողմանի յարաբերութիւններ ԵՄ անդամ շատ երկիրներու հետ: Կը կարծեմ շատ կարեւոր է, որ ԵՄ-ն ամբողջական պատկերացում ունենայ իրավիճակի մասին ու լիովին հասկնայ իրավիճակի նրբութիւնները: Ուստի շատ կարեւոր է, որ ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչը ժամանէ Արցախ ու հանգամանօրէն ներկայացնէ անդամ պետութիւններուն, թէ ինչպէս կը զարգանան իրադարձութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Եւրոպական Միութիւնը ունի ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի իրացման դրական օրինակներ եւ այդ փորձի նկատմամբ դրական վերաբերմունք տարածելու մեծ ներուժ»: