image
Հրատապ լուրեր:

«ԿԱՄՔ»ը վճռած է շարունակել իր պայքարը «Իսթանպուլի գոնվենցիա»ին դէմ

«ԿԱՄՔ»ը  վճռած է  շարունակել իր  պայքարը «Իսթանպուլի գոնվենցիա»ին   դէմ

 Հայաստանի մէջ գործող «Հայկական արժեքների պաշտպանութեան» «Կամք» հասարակական նախաձեռնութեան մօտիկ կանգնած աղբիւրէ մը   կ՚իմանանք,   որ    նախաձեռնութիւնը վճռած է  շարունակել իր պայքարը   «Իսթանպուլի գոնվենցիա»ին   դէմ։

 

Կը   նշուի նաեւ,  որ յառաջիկայ  ամիսներուն  կ նախաձեռնութիւնը  ստորագրահաւաք պիտի  կազմակերպէ     հայաստանեան   շրջաններու մէջ    հասնելով մինչեւ հեռաւոր մարզեր։

 

Յիշեցնենք,  որ    նախաձեռնութիւնը  անցնող    ամիսներուն  ընթացքին   հանդէս եկած էր   խստաոճ  յայտարարութեամբ  մերժելով   «Իսթանպուլի գոնվեցիա»ն  վաւերացնելու փորձերը  ու նաեւ ստորագրահաւաք  կազմակերպելով  Բաղրամեան   պողոտայի      վրայ  գտնուող  ՀՀ Ազգային  Ժողովի  դրան  մուտքին,  ուր   հազարաւոր հայորդիներ մասնակցած էին  այդ ստորագրահաւաքին։