Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ ընկերային ցանցերու վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Իրաքցի եւ լիբանանցի ժողովուրդները իրենց երկիրներուն վերադարձը կ՛ուզեն, անոնք կը բացայայտեն, թէ իրանեան վարչակարգի մեծագոյն արտածումը փտածութիւնն է, որ վատ կերպով ծպտուած է իբրեւ յեղափոխութիւն»:
«Իրաքն ու Լիբանանը արժանի են իրենց ներքին հարցերը կառավարելու` առանց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Ալի Խամենէիի վարչակարգի միջամտութեան», յայտարարեց Փոմփէօ:
Նշենք, որ Փոմփէօ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյրի հետ քննարկեց Եմէնի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երկու նախարարները Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումներուն կողքին նաեւ քննարկած են Իրանի քայլերուն դէմ դնելու կարելիութիւնները:
Լուրը՝ «Ազդակ»էն