image

Լիբանանը ցնցած նոր դէպք մը. Սուրիացի 3 երեխաներ զոհ՝ ընտանեկան բռնութեան

Լիբանանը ցնցած  նոր դէպք մը.  Սուրիացի 3   երեխաներ զոհ՝ ընտանեկան բռնութեան

  Ընտանեկան  բռնութեան    դէպք մը  այսօր  ցնցած է  ամբողջ  Լիբանանը։  

 Այս  մասին «Արեւելք»   տեղեկութիւն քաղեց  «Լիբանան Տիպայթ» կայքէն։  Աղբիւրը նշեց, որ օրերս Լիբանանի  անվտանգութեան աշխատակիցները  Ալ Ապտէ  շրջանին   մէջ    յայտնաբերած են սուրիական քաղաքացիութիւն ունեցող երեք անչափահաս քոյրեր, որոնց ամենամեծը 10 տարեկան է: Աւելի  ուշ    անչափահասները  տարուած  ոստիկանատուն, ուր հարցաքննուած են, ներկայութեամբ՝ ընկերային ծառայողի մը:

 Կը  նշուի  նաեւ,  որ  երեխաներու մարմիններուն վրայ նկատուած են բռնութեան հետքեր: Անչափահաս քոյրերը պատմած են, թէ իրենց մայրը զիրենք յանձնած է մեծմօր (լիբանանցի) խնամքին, սակայն վերջինս իր ամուսնոյն հետ, ինչպէս նաեւ երեխաներու քեռիին մասնակցութեամբ (սուրիացի) բռնութեան ենթարկած են զիրենք, եւ ի վերջոյ բերած ու ձգած են այս վայրը, ուրկէ, ինչպէս որոշուած էր, մայրը պիտի հանդիպէր զաւակներուն:

Բժշկական քննութիւններէ ետք, ի յայտ եկած է, որ փոքրիկները մահակով ու ելեկտրական լարով ծեծի ենթարկուած են, անոնց ձեռքերը վառուած են շիկացած դանակով, իսկ մատները վնասուած աքցանով: Ֆիզիքական տառապանքներու կողքին, նաեւ հոգեպէս չարչարած են, տան շեմին պահելով ու այնտեղ կերակրելով  փոքրիկները:

 Ապա ոստիկանութիւնը ձերբակալած է մեծ մայրն ու ամուսինը, բռնութեան, ծեծելու ու վնաս հասցնելու յանցագործութեանց մեղադրանքով:

Աղբիւրը յիշած է, որ մայրը,  պատրուակելով իր տնտեսական անկարողութիւնը, հրաժարած է ստանձնելէ երեխաներու հոգատարութիւնը, հետեւաբար ոստիկանութիւնը ստիպուած եղած է տեղաւորել զանոնք շրջանի պատսպարաններէն մէկուն  մէջ:

  Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ մասնաւորաբար Սուրիոյ պատերազմէն ետք Լիբանանի  մէջ  յաճախակի  սկսան  դառնալ ընտանեկան  բռնութեան դէպքերը,  որոնց «հերոսներ»ը դարձած պատերազմին հետեւանքով  իրենց երկիրը լքած   սուրիացիներէն  շատ-շատերը։