image

Իրաք. Քարպալայի մէջ ծանր իրավիճակ. Զոհուած են 18 ցուցարաներ

Իրաք. Քարպալայի մէջ ծանր իրավիճակ. Զոհուած են 18 ցուցարաներ

Երէկ ծանր գիշեր մը եղած է Իրաքի Քարպալլա քաղաքին մէջ։ Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց Sky News Arabic  կայանը։

Աղբիւրը  նաեւ նշեց,  որ ապահովական մարմիններ   փորձած են բռնի  կերպով Քարպալա քաղաքի հրապարակներէն հեռացնել ցուցարարները, եւ երբ չեն յաջողած կրակ  բացած են բողոքարարներուն վրայ։

Գրանցուած կրակոցներուն հետեւանքով զոհուած են 18 անձեր, իսկ վիրաւորներուն թիւը հասած է 800-ի։

Նշենք, որ երկրի կառավարութեան հրաժարականին պահանջով շաբաթներէ ի վեր բողոքի   գործողութիւններ կը կատարուին Իրաքի  գլխաւոր քաղաքներուն  եւ յատկապէս  մայրաքաղաք   Պաղտատի  մէջ, ուր զոհերուն թիւը  մինչեւ  այս պահը հասած է 250-ի։

Իրաքի վարչապետ Ատէլ Ապտըլ Մահտի կը մերժէ hրաժարական տալ յայտարարելով, որ ինք պատրաստ է բարեփոխումներ իրականացնել  երկրին մէջ։