Քոլոմպիոյ մէջ հարկային բարեփոխումներու դէմ համաժողովրդական բողոքի ցոյցերու ընթացքին վիրաւորուած է աւելի քան 840 մարդ, անոնցմէ 540-ը ոստիկաններ են, կը յայտնէ LA FM-ը՝ վկայակոչելով պաշտպանութեան նախարար Տիեկօ Մոլանօ Ապոնթէի յայտարարութիւնը:
«Մեր պարտքն է պաշտպանել անոնց, որոնք կը բողոքեն, եւ որոնք չեն բողոքեր: Մենք պէտք է պաշտպանենք քաղաքացիները այն դիմակաւորուած անձերէն, որոնք կ'օգտագործեն բազմութիւնը՝ քոլումպիացիները ահաբեկելու համար»,- RT-ի փոխանցմամբ ըսած է նախարարը:
Անոր խօսքով՝ ցոյցերու ընթացքին վիրաւորուած են «540 ազգային ոստիկանութեան աշխատակից եւ 306 քաղաքացիական անձ»:
Նշուած է, որ վանտալիզմի ենթարկուած են 94 դրամատուն, 254 խանութ, 14 վճարովի ճանապարհ, չորս արձան, 23 ծառայողական մեքենայ, 69 փոխադրային կանգառ եւ 36 բանկոմատ: Այրած են հասարակական փոխադրութեան 20 հանրակառքեր:
Նշենք, որ վերջին օրերուն Քոլումպիոյ մէջ տեղի ունեցած հարկային բարեփոխումներու դէմ բողոքի ցոյցերու ընթացքին սպանուած է 17 մարդ:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ