image

Կազայի մէջ ծանր իրավիճակ. Բնակիչներու տարհանում տեղի կ՚ունենայ

Կազայի մէջ ծանր իրավիճակ. Բնակիչներու տարհանում տեղի կ՚ունենայ

 

Safa Press լրատուականը տեսանիւթ տարածած է, որուն մէջ կ'երեւայ իսրայէլեան կողմի հարուածներու հետեւանքները Խան Եունիս քաղաքին վրայ:

 

Կազայի պաղեստինեան հատուածի բնակիչները կը տարհանուին իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով։


Կազայի մէջ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման ռազամական թեւի ներկայացուցիչ Ապու Ուպայտան՝ «Ալ Աքսա» հեռուստաընկերութեան եթերին, Իսրայէլի արաբ քաղաքացիներուն կոչ ըրած է «ընդվզելու», կը հաղորդէ EurAsia Daily-ն:

«Ալ-Քասսամի ջոկատները արդէն մօտ են ձեզի, անոնք իրենց հրթիռներով եւ մեր եւ ձեր թշնամիին դէմ դիմակայութեամբ կը նկարեն հայրենիքի քարտէզը», -ըսած է ան:

12 Մայիսի առաւօտեան բռնութիւններ սկսած են Իսրայէլի շարք մը հրէական-արաբական քաղաքներուն մէջ:

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն արտակարգ դրութիւն յայտարարած է Թէլ Աւիւի մերձակայքը գտնուող Լոտ քաղաքին մէջ:

Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ իսրայէլեան բանակի եւ պաղեստինցիներու միջեւ բախումները կը շարունակուին, յայտնած է Al Jazeera լրատուականը։

Պաղեստինի ներքին գործերի նախարարութիւնը հաղորդած է իսրայէլեան օդային հարուածներու հետեւանքով Կազայի մէջ նախարարութեան գրասենեակներու աւերման մասին։

Աւելի վաղ նախարարութիւնը հաստատած է Al Jazerra-ի կողմէ հրապարակուած տեղեկութիւնն այն մասին, որ իսրայէլեան կողմը ոչնչացուցած է Կազայի ոստիկանութեան բոլոր բաժանմունքները։

 Պաղեստինի իշխանութիւնները յայտնած են, որ Հեպրոն քաղաքի մօտակայքը գտնուող Ֆաուաար փախստականներ ճամբարին մէջ մէկ մարդ սպաննուած է իսրայէլեան բանակի կողմէ։