Երկրի կառավարութեան դէմ բողոքի ցոյցեր իրականացնող լիբանանցի ցուցարարները որոշած են ամբողջ օրը անդամալուծել ողջ երկիրը։
Այս մասին տեղեկութիւնը տարածուած է ընկերային ցանցերու էջերու կողմէ, որ նաեւ կը հաղորդեն, թէ նախաձեռնութիւնը կը կրէ «Մէկ միլիոն ինքնաշարժի շարժում» անունը։
Կը նշուի, որ այս ճանապարհով լիբանանցիք իրենց ինքնաշարժները պիտի կայանեն երկրի հիմնական մայրուղիներուն վրայ, այդպիսով անդամալուծութեան տանելու երկիրը։
Կը նշուի նաեւ, որ ցուցարարներու կազմակերպիչ մարմինը, որուն պատասխանատուներուն անունները ցարդ յայտնի չեն, նման նախաձեռնութեան մը կը դիմեն, հաշուի առնելով, որ ապահովական մարմիններուն համար այս կերպ անհնար պիտի ըլլայ ճանապարհներու վերաբացումն ապահովել։
Յիշեցնենք, որ այսօր երկիրը պիտի թեւակոխէ բողոքի ցոյցերու 12-րդ օրը, որու միջոցով ալ հազարաւոր լիբանանցիք կը պահանջեն երկրի իշխանութիւններուն հեռացումը եւ «թեքնոքրաթ» կառավարութեան մը կազմութիւնը։