Լիբանանցի յայտնի աստղ՝ Հայֆա Ուահպէի «Թիք-Թօք» հարթակի դիտումներու թիւը հատած է 413 միլիոնը, որ կը համարուի նոր մրցանիշ մը արաբական աշխարհի աստղերուն ոլորտին մէջ:
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած գրած է լիբանանեան LBCI կայանը։
Աղբիւրը նշած է, թէ Ուահպէ ընդհանրապէս օգտահաշիւ չունի «Թիք-Թօք» յաւելուածին մէջ, եւ այս թիւերը արձանագրուած են, իր երկրպագուներու հաւանութիւններու շնորհիւ:
Իր կարգին, «Թիք-Թօք» յաւելուածը, ակնարկելով այս թիւերուն, իր թուիթըրեան արաբական տիրոյթին մէջ մեկնաբանած է «Ինչքա՜ն մեծ նուաճում»: