Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը քիչ առաջ ցաւակցական «թուիթ» մը կատարած է Գամիշլիի հայ Կաթողիկէ հոգեւոր հովիւ Տ. Յովսէփ Քահանայի սպաննութեան առթիւ։
Ֆրանչիսքուս Պապը մասնաւորապէս գրած է. «Մօտիկ եմ Սուրիոյ Գամիշլիի հայ կաթողիկէ հասարակութեան, որ համախմբուած է իր ժողովրդապետի՝ Յովսէփ Պետոյեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան առթիւ, որ սպաննուեցաւ երէկ, իր հօր հետ միասին։ Կ՛աղօթեմ անոնց համար, անոնց հարազատներուն համար ու Սուրիոյ համայն քրիստոնեաներուն համար»։
