image

Հռոմի Ֆրանչիսքոս Պապը ցաւակցական գրառում մը կատարեց Տ. Յովսէփ քահանայի սպանութեան մասին

Հռոմի Ֆրանչիսքոս Պապը ցաւակցական գրառում մը կատարեց Տ. Յովսէփ քահանայի սպանութեան մասին

Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը քիչ առաջ ցաւակցական «թուիթ» մը կատարած է Գամիշլիի հայ Կաթողիկէ հոգեւոր հովիւ Տ. Յովսէփ Քահանայի սպաննութեան առթիւ։

Ֆրանչիսքուս Պապը մասնաւորապէս գրած է. «Մօտիկ եմ Սուրիոյ Գամիշլիի հայ կաթողիկէ հասարակութեան, որ համախմբուած է իր ժողովրդապետի՝ Յովսէփ Պետոյեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան առթիւ, որ սպաննուեցաւ երէկ, իր հօր հետ միասին։ Կ՛աղօթեմ անոնց համար, անոնց հարազատներուն համար ու Սուրիոյ համայն քրիստոնեաներուն համար»։