image

Էրտողան Պայտընի հետ պիտի «քննարկէ» Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը

Էրտողան Պայտընի հետ պիտի «քննարկէ» Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը

 

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը Պրիւքսէլի մէջ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի հետ հանդիպման ժամանակ մտադիր է բարձրացնել Սպիտակ տան կողմէ 1915 թուականին օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու զանգուածային սպանութիւնները որպէս Ցեղասպանութիւն ճանչնալու մասին հարցը:

 

Այդ մասին դէպի Պրիւքսէլ ուղեւորութեան նախօրէին լրագրողներուն յայտարարած է Թուրքիոյ առաջնորդը: Էրտողանի խօսքով՝ Սպիտակ տան որոշումը զայրոյթ առաջացուցած է Թուրքիոյ մէջ, կը հաղորդէ Reuters-ը:

Գագաթնաժողովի ժամանակ կը նախատեսուի նաեւ քննարկել F-35 կործանիչներու ու Patriot պաշտպանական համակարգերու նկատմամբ ԱՄՆ-ի խոստումները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հրաժարումը ռուսական Ս-400-էն, յայտարարած է Էրտողանը, կը հաղորդէ Ahval գործակալութիւնը:

«Թուրքիան կը պաշտպանէ ինչպէս իր սեփական սահմանները, այնպէս ալ ՆԱԹՕ-ի սահմանները»,-ըսած է Թուրքիոյ նախագահը՝ ընդգծելով երկրի՝ ահաբեկչութեան եւ ճնշումներու դէմ պայքարը, որուն Թուրքիան կը բախի անօրինական գաղթականներու պատճառով: