image

Պրազիլիոյ մէջ. Թեմի պատասխանատուներ պետական մարմիններու հետ քննարկած են Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ ռազմագերիներու ազատութեան հարցը

Պրազիլիոյ մէջ.  Թեմի  պատասխանատուներ պետական մարմիններու հետ քննարկած  են Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ ռազմագերիներու ազատութեան հարցը

Օրերս Պրազիլոյ Թեմի  Առաջնորդ Սրբազանին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է քննարկում կապուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման,  ինչպէս նաեւ Արցախեան  պատերազմին հետեւանքով գերեվարուած  հայ  զինուորներու  ազատութեան   խնդրին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պրազիլիոյ Ազգային Առաջնորդարանէն, որ այս առթիւ ալ հրապարակած է     հաղորդագրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։

 

 

 Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Պրազիլիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Նարեկ Եպիսկոպոս Պէրպէրեան եւ թեմի ներկայացուցչական խորհուրդի ատենապետ՝ տիար Անտրէ Քիսաճեքեան Հայոց Ցեղասապանութեան ճանաչման հարցով հանդիպում ունեցան մայրաքաղաք Պրազիլիոյ ազգային արդարադատութեան խորհուրդի նախագահ՝ Լուիզ Ֆուքսի հետ: Մինչ այդ, օրեր առաջ Անտրէ Քիսաճեքեան առաջնորդ սրբազան հօր հետ, պատրաստելով անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, հայաշատ Սան Փաուլոյէն մեկնած էր մայրաքաղաք Պրազիլիա, հանդիպելով կառավարական կազմի շարք մը անդամներու հետ:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ zoom տարբերակով, քանի որ երկրին մէջ համավարակի շատ վատ տեսքը դեռ կը պահպանուի: Պահը կարեւոր էր. առաջին անգամ մանրակրկիտ կերպով պէտք է ներկայացուեր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչմանը ուղղուած շատ ու շատ մանրամասնութիւններ: Շատերուս յայտնի է, որ Հայոց Ցեղասապանութեան դառն հետեւանքներէն մէկը եղաւ, որ բազմաթիւ հայեր իրենց հայրական տուները լքելով յայտնուին օտարութեան մէջ: Հայութեան զգալի մաս մըն ալ իր առաջին ծիլերը ձգելով Պրազիլիոյ Դաշնային Հանրապետութեան հող՝ զարգացման եւ ճանաչման մեծ գնահատանքի արժանացաւ: Այստեղ ապրող իւրաքանչիւր մարդ գիտէ թէ ով է հայը, որն է անոր աշխատանքի գրաւականը, ինչ ըրած է հայը պրազիլական պետութեան զարգացման գործով:

Հանդիպման սկիզբին, Նարեկ սրբազանը Լուիզ Ֆուքսին ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը հայ-պրազիլական ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ: Սրբազան հայրը Լուիզ Ֆուքսին առաջարկեց մօտէն ծանօթանալ 100 եւ աւելի տարիներ առաջ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կատարուած հայ ժողովուրդի զանգուածային բնաջնջման ուղղուած թրքական վայրագութիւններուն՝ խոստանալով վերջինիս, թէ ինքը նոյնպէս կը համոզուի, որ այդ ժամանակ տեղի ունեցած է դարու ողբերգութիւնը: Նարեկ սրբազան անդրադարձաւ նաեւ Արցախեան վերջին պատերազմի օրերուն գերեվարուած հայորդիներու հրատապ հարցին՝ խնդրելով որ վերջինս առաջարկութիւններով հանդէս գայ Պրազիլական կառավարութեան քոնկրէսին մէջ:Սրբազան հայրը Լուիզ Ֆուքսին հրաւիրեց միասին մեկնիլ Հայաստան՝ անոր ծանօթացնելու Մայր Հայրենք ապրող հայութիւնը, ճանչնալու Հայաստանի մշակոյթը, նպատակ ունենալով ամրացնել երկու ժողովուրդներու միջեւ երկար տարիներ ստեղծուած ազնիւ եւ հոգեւոր բարեկամութիւնը:

Մեծ գնահատանքի արժանի է նաեւ Անտրէ Քիսաճեքեանի կատարած աշխատանքը պրազիլահայ գաղութի կեանքէն ներս, ան իր անձնական ուշադրութեան եւ հոգածութեան տակ կը պահէ հայութեան վերաբերող կենսական նշանակութիւն ունեցող բազմապիսի հարցեր: Անտրէ Քիսաճեքեանի անձնական միջոցներով առ այսօր տարրաբնոյթ օգնութիւններ կ'ուղղուին դէպի Մայր Հայրենիք եւ դէպի Մայր Եկեղեցի: Արցախեան պատերազմի ցաւալի օրերուն Անտրէ Քիսաճեքեան Պրազիլիոյ Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ համախմբելով մեծաթիւ հայեր, բողոքի ձայն բարձրացուց թրքական դեսպանատան առջեւ, ինչպէս նաեւ մարդասիրական մեծ օգտակարութիւն բերաւ Արցախահայութեան: Այս հանդիպման ժամանակ ան իր բողոքի խօսքով ներկայացուց, որ աշխարհը ինչպիսի անտարբերութիւն կը ցուցաբերէ այսքան հրատապ հարցերուն, որոնք տեղի կ'ունենան հայութեան հետ:

Այս ծրագրի իրականցման գործով մեծ դեր ունեցաւ նաեւ պրազիլահայ բժիշկ-փրոֆեսոր Սերժիօ Հոթոթեան:

          Աստուածային շնորհով լեցուած ենք, որ այս նախաձեռնութիւնը անպայման կը պսակուի արդարութեամբ, հետագայ ժողովուրդներու կեանքին մէջ կանխելով նման չարիք եւ ոճրագործութիւն: