image

Հրադադարի պայմանը խախտուած է աւելի քան 25 անգամ. ԱՀ ՊԲ

Հրադադարի պայմանը խախտուած է աւելի քան 25 անգամ. ԱՀ ՊԲ

Անցած գիշերը արցախեան սահմանին, հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է աւելի քան 25 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 400 կրակոց:


ՊԲ առաջապահ զօրամասերը ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէ եւ շարունակած վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: