image

Քիեւ կողմ է Տոնպասի մէջ հրադադարի հաստատման

Քիեւ կողմ է Տոնպասի մէջ հրադադարի հաստատման

Տոնպասի հարցով եռակողմ շփման խումբի Քիեւեան պատուիրակութեան ղեկավար Լեոնիտ Քրաւչուքը առաջարկած է հինգշաբթի օրուայ սկիզբէն վերադառնալ Տոնպասի մէջ լիակատար եւ համապարփակ ռեժիմով հրադադարին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը` յղում տալով պատուիրակութեան խորհրդական Ալեքսէյ Արեսթովիչին:

Արեսթովիչը նշած է, որ հիմա պատուիրակութիւններու ղեկավարներու մակարդակով Տոնպասի հարցով եռակողմ շփման խումբի հանդիպում տեղի կ'ունենայ:

«Լեոնիտ Մակարովիչ Քրաւչուքը հանդիպումը սկսած է այսօր ժամը զէրոյէն ամբողջական եւ համապարփակ հրադադարին վերադառնալու առաջարկով: Այս առաջարկն այժմ կը քննարկուի»,-ըսած է Արեստովիչը:

Հարցին, թէ կա՞յ տեղեկատուութիւն գերիներու նոր փոխանակումներու մասին, Արեստովիչը պատասխանած է, որ կրնայ «ինչ-որ բան հաղորդել»՝ հիմնուելով մարդասիրական ենթախումբի հանդիպման արդիւնքներու վրայ: