Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի Փարիզ պիտի մեկնի: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցած են լիբանանեան տարբեր աղբիւրներ, ինչպէս նաեւ հրաժարեալ վարչապետի մօտիկ համարուող անձնաւորութիւններ:
Էլիզէյի աղբիւրներ, որ Հարիրիին Փարիզ գալու լուրը մեկնաբանած են նաեւ նկատել տուած են, որ Հարիրիի այս այցը պէտք չէ համարել «պարտադիր կեցութեան» նմանող այց մը:
Նշենք, որ Սաատ Հարիրիի 4 նոյեմբերին տուած հրաժարականը ցարդ կը շարունակէ մնալ թէժ քննարկումներու առարկայ տրուած ըլլալով, որ սիւննի ղեկավարը իր հրաժարականը տուած էր Լիբանանէն հեռու ու անկէ ետք ալ Պէյրութ չէր վերադարձած:
Հարիրի անցնող օրերուն եւ մի քանի առիթներով դվիթըրեան գրառումներ կատարելով յայտարարած էր, որ ինք հանգիստ-ապահով է եւ շուտով Պէյրութ պիտի վերադառնայ: