image

«Լիբանան համընդհանուր փլուզման սեմին է» Սաատ Հարիրի

«Լիբանան համընդհանուր փլուզման սեմին է» Սաատ Հարիրի

 

Լիբանանի վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին նախազգուշացուցած է Լիբանանի արագ փլուզման վտանգի մասին՝ շեշտելով, որ կառավարութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ արագ եւ բարդ որոշումներ ընդունիլ՝ այդ յետընթացը կասեցնելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ alarabiya.net լրատուական գործակալութիւնը:

Չորեքշաբթի օր Հարիրին ըսած է. «Բոլորը պէտք է գիտնան, որ քաղաքական գործիչները ժամանակ չունին, եւ որ երկիրը արագ քայլերով կ'երթայ դէպի փլուզում»:

Վարչապետը տեղեկացուցած է, որ կառավարութիւնը հազիւ կազմուի, պիտի անցնի արագ եւ բարդ որոշումներու իրագործման՝ երկիրը փլուզումէն  փրկելու նպատակով:

Հարիրին կոչ ըրած է հնարաւորինս շուտ հասնիլ կառավարութեան վերջնական կազմաւորման:

Լիբանանի կառավարութեան կազմաւորման գործընթացը փակուղի մտած է՝ առաջատար քաղաքական կուսակցութիւններու միջեւ առկայ տարաձայնութիւններու պատճառով: