Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրին իր հօր սպաննութեան 16 -րդ տարելիցին առթիւ արտասանած խօսքին մէջ ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրած է: Այս մասին կը հաղորդէ Lebanon 24-ը:
Ան ըսած է, որ անհնար է Լիբանանը փրկել ծագած ճգնաժամէն՝ առանց արաբական երկիրներու եւ միջազգային հանրութեան աջակցութեան:
Առանձնացնելով Պարսից ծոցի երկիրներու դերը, ան յիշեցուցած է, որ վերջիններս արդէն վաղուց միջոցներ կը տրամադրեն՝ Լիբանանի փխրուն տնտեսութեան աջակցելու, սակայն անոնց կ'անհանգստացնէ երկրին մէջ «Հըզպալլա» կուսակցութեան ազդեցութիւնը:
«Ճգնաժամէն ելք չկայ… առանց մեր արաբական երկիրներու հետ խորքային հաշտեցման եւ առանց Ծոցի երկիրներու վրայ յարձակումներու եւ անոնց շահերու նկատմամբ սպառնալիքներու դադարեցման»,-յայտարարած է երկրի վարչապետը:
Նշենք, որ Հարիրի ուրբաթ օր նախագահ Միշէլ Աունի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած էր, որ կառավարութեան ձեւաւորման հարցով որեւէ առաջընթաց չկայ: