image

Հարիրի դէպի Փարի՞զ

Հարիրի դէպի Փարի՞զ

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի Փարիզ պիտի մեկնի: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցած են լիբանանեան տարբեր աղբիւրներ, ինչպէս նաեւ հրաժարեալ վարչապետի  մօտիկ   համարուող անձնաւորութիւններ:

Էլիզէյի աղբիւրներ, որ Հարիրիին Փարիզ գալու լուրը մեկնաբանած են նաեւ  նկատել տուած են, որ Հարիրիի այս այցը պէտք չէ համարել «պարտադիր  կեցութեան»  նմանող այց մը:

Նշենք, որ Սաատ Հարիրիի նոյեմբերին տուած հրաժարականը ցարդ կը շարունակէ մնալ թէժ  քննարկումներու առարկայ տրուած ըլլալով,  որ սիւննի ղեկավարը իր հրաժարականը տուած էր Լիբանանէն  հեռու ու անկէ ետք  ալ Պէյրութ չէր վերադարձած:

Հարիրի անցնող օրերուն եւ մի քանի առիթներով դվիթըրեան գրառումներ  կատարելով  յայտարարած էր, որ ինք հանգիստ-ապահով է եւ շուտով Պէյրութ պիտի վերադառնայ: