image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Ահաբեկիչները թիրախ դարձուցած են դպրոց մը.Կան զոհեր

Հալէպ. Ահաբեկիչները  թիրախ  դարձուցած են դպրոց մը.Կան  զոհեր

 Հալէպի      տարբեր     շրջաններ   այսօր յետմիջօրէին ենթարկուած են   ծանր  հրթիռարձակումներու ։

  Այս  մասին «Արեւելք»   տեղեկութիւն ստացաւ  Հալէպի իր աղբիւրէն։

 Մեր աղբիւրին հաղորդմամբ  ահաբեկիչներ   հրթիռներ նետած են  յատկապէս  ծայրամասային համարուող «Պուսթան  ալ քասր»  եւ  «Ալ զըպտիյէ»   շրջաններու ուղղութեամբ։

 Ըստ    հալէպցի լրագրող  Քինանա  Ալուշին        հրթիռներ ինկած  են «Ալ զըպտիյէ» շրջանին մէջ գտնուող     դպրոցի  մը  վրայ, ուր   գրանցուած  են մարդկային  զոհերձ

 Նախնական տուեալներով   այդ շրջանին  գրանցուած են զոհեր, որոնց մէջ կայ      երեխայ մը։

  Յիշեցնենք, որ անցնող   երեք  շաբաթներու  մէկէ  աւելի առիթներով հալէպի խաղաղ  բնակչութեան շրջաններ     թիրախ  դարձած էին ահաբեկիչներու հրթիռներուն, որուն հետեւանքով ալ ինկած  էին տասնեակ  անմեղ զոհեր։