image

Գահիրէ. Փուլ եկած է բնակելի շէնք մը.Կան զոհեր

Գահիրէ. Փուլ եկած է բնակելի շէնք մը.Կան  զոհեր

 Գահիրէի իրաւապահ մարմիններ այսօր վաղ առաւօտեան ահազանգ ստացած են բնակելի շէնքի մը փուլ գալուն մասին։

 

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Սքայ նիւզ արապիյա» կայանէն։

 

 Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ  շէնքը կը գտնուի Ժիսր Ալ Սուէզ շրջանի Օմար Պըն Խաթթապ թաղամասին մէջ։

 

 Նախնական տուեալներով փլուզման հետեւանքով զոհուած են 7 անձեր, իսկ վիրաւորներուն թիւը անցած է 30-ը։ Իրաւապահ մարմիններ նոյնպէս հաղորդած են, որ  այս թիւերը կրնան բարձրաձում արձանագրել։

  Կը հաղորդուի, որ շէնքը  կը  բաղկանար  10 յարկէ, իսկ  անոր առաջին    յարկին  վրայ  կը գործէր   գործատուն մը։