Անցած գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է աւելի քան 45 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 620 կրակոց:
Սահմանի հիւսիս-արեւելեան ուղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ ականանետ (14 արկ) եւ ձեռքի հակաթանկային նռնականետ (5 արկ):
Հակառակորդին նախայարձակ աշխոյժութիւնը ճնշելու համար ՊԲ առաջապահ զօրամասերը դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ շարունակած վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւնը: