image
Հրատապ լուրեր:

Հակառակորդը խախտած է հրադադարը՝ կիրառելով դիպուկահար հրացաններ եւ ականանետ. ԱՀ ՊՆ

Հակառակորդը խախտած է հրադադարը՝ կիրառելով դիպուկահար հրացաններ եւ ականանետ. ԱՀ ՊՆ

Անցած գիշեր Արցախեան սահմանին վրայ հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, ներառեալ` դիպուկահար հրացաններէ, հրադադարը խախտած է աւելի քան 30 անգամ, որուն ընթացքին, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 550 կրակոց:


ԱՀ  Պն  մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով`արեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է «իսթիգլալ» եւ «ՍՎՏ» տեսակի դիպուկահար հրացաններ (92 կրակոց), իսկ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ` 82 միլիմեթրանոց ականանետ (1 արկ):

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագծի վրայ եւ իրականացնել մարտական ծառայութիւն: