Ժընեւի մէջ դիպուկահարները դիրքաւորուած են ամբողջ քաղաքով՝ պատրաստուելով Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի ղեկավարներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ճօ Պայտընի գագաթնաժողովին, հաղորդած է ռուսական «Հինգերորդ ալիքը»:
«Ժընեւի հանդիպումէն մէկ օր առաջ դիպուկահարները դիրքաւորուած են ոչ միայն տանիքներու վրայ, այլեւ Ժընեւի լիճի ջրային ողջ տարածութիւնով մէկ», - ըսած է Եւրոպական բիւրոյի ղեկավար Վիթալի Չաշչուխինը:
Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի ղեկավարներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 16 յունիսին «Լա Կրանժ» վիլլային մէջ: Բայտընն արդէն Ժընեւ է, իսկ Փութինը չորեքշաբթի պիտի ժամանէ:
Նախօրէին Պայտընը Փութինին անուանած է կոշտ ու խելացի մրցակից: Սպիտակ տան 46-րդ ղեկավարը նաեւ շեշտած է, որ հանդիպման ընթացքին Ռուսաստանի նախագահին պիտի ներկայացնէ Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ հնարաւոր համագործակցութեան ոլորտները:
Իրենց հերթին, Ռուսաստանի մէջ յայտարարած են, որ հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին «Քորոնա» ժահրային համաճարակը, համացանցային յանցագործութեան դէմ պայքարը, ռազմավարական կայունութիւնը, համագործակցութիւնը Արքթիքայի շուրջ, ինչպէս նաեւ տնտեսական, կլիմայական եւ այլ ոլորտներու մէջ: