Անցած գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, այդ շարքին՝ խոշոր տրամաչափի դիպուկահար հրացաններէ, հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է աւելի քան 40 անգամ, որուն ընթացքին, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 500 կրակոց: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն իրականացնել մարտական ծառայութիւնը՝ պաատսխան գործողութիւններու դիմելով միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային: