image

Էրտողան մտադիր է հրաժարիլ ԱՄՆ այցելութենէն.Reuters

Էրտողան մտադիր է   հրաժարիլ ԱՄՆ   այցելութենէն.Reuters

Թուրքիոյ  նախագահ Ռէճէփ Թայէպ Էրտողանի     Միացեալ Նահանգներ   տալիք այցելութիւնը կրնայ  յետաձգուիլ։

Այս մասին  տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ռօյթըրզ»  լրատուական     գործակալութիւնը՝   յղում կատարելով      թուրք  բարձրաստիճան պատասխանտուի մը, որ  խօսած է   նոյն   գործակալութեան։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ    տարբեր թղթածրարներու համար    ճակատագրական եւ  Անգարայի  համար   կարեւորագոյն  համարուած     այցի յետաձգման    բուն պատճառը   ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչներու  տան   կողմէ  Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող  բանաձեւի  հրապարակումն է։

Թուրք  պատասխանատուն նաեւ  ըսած է, որ   ԱՄՆ-ի  քաղաքական  շրջանակներուն  մօտ   վերջերս  ձեւաւորուած  մթնոլորտը    շատ    ծանր  կրնայ  ազդել   երկու երկիրներու միջեւ    առանց անոր ալ ոչ  այդքան   փայլուն  պատկեր մը ներկայացնող    յարաբերութեանց      վրայ։

 

Յիշեցնենք, որ  ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ 29 հոկտեմբերին կայացած քուէարկութեամբ ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ  296-րդ բանաձեւը։ Քուէարկութեան մասնակցած քոնկրեսականներէն  կողմ քուէարկած են 405-ը, դէմ՝ 10-ը, ձեռնպահ՝ 3-ը, իսկ 14 քոնկրեսական չեն քուէարկած։