image

Մաքրոն նպատակ ունի Արցախեան հարցը քննարկել էրտողանին հետ

Մաքրոն նպատակ ունի  Արցախեան հարցը  քննարկել էրտողանին հետ

 

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը մտադիր է իր թուրք գործընկեր Թայէպ Էրտողանի հետ հանդիպման ժամանակ քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի, Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ տիրող իրավիճակը՝ 4 Յունիսին Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովէն առաջ: Այս մասին Ֆրանսայի ղեկավարը յայտարարած է Փարիզի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

«ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի նախօրէին հանդիպում պիտի ունենամ Թուրքիոյ նախագահի հետ: Սա լաւ առիթ է շարք մը հարցերու շուրջ կարծիքներու փոխանակման համար», - ըսած է Մաքրոնը: «Մենք գիտենք մեր տարաձայնութիւններու մասին, սակայն կը կարծեմ, որ անհրաժեշտ է երկխօսութեան երթալ», - նշած է Ֆրանսայի նախագահը: «Կ'ուզեմ խօսիլ Սուրիոյ, Լիպիոյ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակի եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու մասին», - յայտարարած է ան: Մաքրոնը նաեւ յայտնած է, որ «մտադիր է քննարկել ՆԱԹՕ-ի մէջ համագործակցութիւնն ու վարքագիծի կանոնները դաշնակիցներու միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ»: