image

Երեւանի աւագանիին մէջ ՀՀԿ–ն կը ստանայ 46 մանդատ, «Ելք»–ը՝ 14, «Երկիր ծիրանի»-ն՝ 5. ոչ պաշտօնական հաշուարկ

Երեւանի աւագանիին մէջ ՀՀԿ–ն կը ստանայ 46 մանդատ, «Ելք»–ը՝ 14, «Երկիր ծիրանի»-ն՝ 5. ոչ պաշտօնական հաշուարկ

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներով ընտրական գործընթացին մասնակից բոլոր երեք քաղաքական ուժերը աւագանիի մէջ մանդատներ կը ստանան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրէս»-ը, ընտրութիւններու արդիւնքներով 240 հազար 36 ձայն հաւաքած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը կը ստանայ 46 մանդատ, 71 հազար 731 ձայն հաւաքած «Ելք» դաշինքը կը ստանայ 14, իսկ 26 հազար 109 ձայն հաւաքած «Երկիր ծիրանի» կուսակցութիւնը` 5 մանդատ:

Ընտրական օրէնսգիրքի համաձայն` աւագանիի անդամներու մանդատները կը բաշխուին կուսակցութիւններու (կուսակցութիւններու դաշինքներու) ընտրական ցուցակներու միջեւ՝ անոնցմէ իւրաքանչիւրին կողմ քուէարկուած քուէաթերթիկներու թիւին համամասնօրէն: Իւրաքանչիւր ընտրական ցուցակին հասանելիք մանդատներու թիւի հաշուարկը կը կատարուի հետեւեալ կերպ. իւրաքանչիւր ընտրական ցուցակին կողմ քուէարկուած քուէաթերթիկներու թիւը կը բազմապատկուի ընտրական ցուցակներուն հասանելիք մանդատներու թիւով, արդիւնքը կը բաժանուի մանդատներու բաշխման մասնակցող ընտրական ցուցակներուն կողմ քուէարկուած քուէաթերթիկներու ընդհանուր թիւի վրայ, եւ կ'առանձնացուին ամբողջ թիւերը, որոնք իւրաքանչիւր կուսակցութեան (կուսակցութիւններու դաշինքի) ընտրական ցուցակին հասանելիք մանդատներու թիւերն են:

Մնացած մանդատները ընտրական ցուցակներու միջեւ կը բաշխուին ըստ մնացորդներու մեծութեան հերթականութեան՝ իւրաքանչիւրին մէկական մանդատ սկզբունքով: