image

Տաւուշի մարզպետը այլ պաշտօն պիտի ստանայ

Տաւուշի մարզպետը այլ պաշտօն պիտի ստանայ

Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեանը պիտի ազատուի զբաղցուցած պաշտօնէն։

Ինչպէս կը տեղեկանանք կառավարութեան պաշտօնական էջէն, Հայկ Չոպանեանի ազատման հարցը ընդգրկուած է 1 ապրիլի կառավարութեան նիստի օրակարգին մէջ։ 

Մամուլի մէջ լուրեր կը շրջանառուին, որ Հայկ Չոպանեանը պիտի նշանակեն բարձր արհեստագիտութիւններու եւ արդիւնաբերութեան նախարար՝ հրաժարական ներկայացուցած Յակոբ Արշակեանի փոխարէն:

Նշենք, որ Հայկ Չոպանեանը աւարտած է ԵՊՀ պատմութեան բաժինը, աւելի ուշ ուսանած է ՀՀ կառավարման դպրոցէն ներս: