«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Ամերիկահայ ազգային-քաղաքական գործիչ՝ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան
- Ի՞նչ են ձեր ակնկալիքները յառաջիկայ ընտրութիւններէն։
Ընտրութիւններու արդիւնքներուն մասին կանխատեսումներ պիտի չ՚ուզեմ կատարել։ Սակայն իմ փափաքս պիտի ըլլայ որ իւրաքանչիւր քաղաքացի որ ընտրելու իրաւունք ունի, այդ իրաւունքը անպայմանօրէն գործի դնէ յանուն իսկապէս ազատ եւ իսկապէս անկախ Հայաստանի մը։ Այս եզրոյթները լոկ հռետորական յղացքներ չեն, եւ այսօրուան ընտրական գործընթացներուն մէջ իսկապէս որ հրամայական արժէք ունի ազգային ինքնուրոյն պետութիւն մը ստեղծելու եւ ինքնուրոյն բանակ ստեղծելու առաջնահերթութիւնները, հայ ազգային քաղաքական ուղեգիծ եւ դիւանագիտութիւն ունենալը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռքահայութիւն ռազմավարական գործընկերութեան հաստատումը։ Կը հաւատամ թէ ընտրութիւն պէտք է կատարել այս առաջադրանքներով։
-Ներքին լարուածութիւնը կը շարունակուի, մեծ հաշուով բախումներու կամ յաւելեալ լարուածութեան մտավախութիւններ ունի՞ք։
Իսկապէս որ ցաւալի է տեսնել թէ ինչպէս լուրջ քաղաքական տիսկուրսը կը բացակայի այսօրուան ընտրական գործընթացներէն, եւ փոխարէնը ամենակլանիչ ազդեցութիւն ունին անուանարկումները, պիտակները եւ հայհոյանքները։ Եւ այս, երբ հայրենիքը կը դիմագրաւէ լրջագոյն մարտահրաւէրներ, եւ երբ ընտրողին համար այնքան կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենար բանականութիւնը, ծրագիրներու ծանօթացումը, կարծիքներու փախումը։ Իսկ երբ շուկան այս աստիճանի կը գռեհկանայ, կը լարուի եւ վիրաւորական կը դառնայ, ինքնաբերաբար կը զարգանայ նաեւ ֆիզիքական բախումներու հաւանականութիւնը։ Մանաւանդ, եթէ երկրին մէջ գործող օտարածին կամ մութ ուժեր իրենց դերակատարութիւնը ունենան խնդիրները աւելի եւս սրելու։ Ուստի, բոլոր դերակատարները, բոլոր քաղաքական ուժերը պիտի հասկնան իրենց խօսքերն ու արտայայտութիւնները չափի մէջ պահելու անհրաժեշտութիւնը։
-Նոր խորհրդարանի կազմութենէն ու կառավարութեան կազմութեան յաջողումէն ետք ի՞նչ պէտք է ըլլան Հայաստանի իշխանութիւններուն ընելիքները։
Մի քանի առիթներով ու գրառումներու ճամբով արդէն առիթը ունեցած եմ այս գծով յայտնելու թէ նոր ձեւաւորուելիք իշխանութիւնները, պէտք է ամենէ կարճ ժամանակի մէջ, ու ամենէ լայն գործակցութեամբ սկսին պետական գործի վերակազմակերպումը։ Ճիշտ է, կրնանք մօտեցումներու կամ քաղաքական ճաշակներու տարբերութիւն ունենալ, բայց վերջ ի վերջոյ հայրենիքը ամէն բանէ վեր է, եւ անոր համար պէտք է մոռցուին վիրաւորանքներն ու վերջնագրերը։ Թէեւ թէժ, այս ընտրութիւնները ոչ առաջինն են, ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլան, ու պայման է որ քաղաքական ուժերը անցնին պետութեան եւ ժողովուրդի գործին ծառայելու։ Պարզ է որ բոլոր ուժերը իշխանութեան վրայ պիտի չ՚ըլլան եւ ոմանք ընդդիմութեան շարքերէն պիտի գործեն, բայց այդ եւս պէտք է որակական փոփոխութիւն կռէ, այնպէս ինչպէս պարագան է հասուն ժողովրդավարական երկիրներու պարագային։ Մանաւանդ , Հայաստանի պարագային ուր շատ լուրջ գոյութենական խնդիրներ կան, ուժերն ու դերակատարները պէտք է կարենան զանազանել ազգային շահերն ու քաղաքական շահերը՝ ու գերադասել ազգայինը զայն բոլոր այլ հաշուարկներէ վեր դասելով։ Ցաւօք այս չէ եղած պարագան յատկապէս վերջին մէկ տարուան ընթացքին, եւ ուրեմն ունինք այն կրկէսը որ ունինք, ու անոր հետ առագ հիասթափուող ու յուսալքուող ժողովուրդ։
Այն քաղաքական ուժերը որ յետ-ընտրական ժամանակաշրջանին կարողանան դրսեւորել պետական մտածողութիւն - ըլլան իշխանութիւն թէ ընդդիմութիւն - պիտի արժանանան ազգի զօրակցութեան, որովհետեւ ազգի ստուար զանգուածները յոգնած են ներքին պայքարներէն եւ լուծումներ կը փնտռեն մեր գոյութենական խնդիրներուն համար։
-Ի՞նչ առաջնահերթութիւններ կը տեսնէք յետ-ընտրրական պետականաշինութեան համար:
Այս մասին երկար կարելի է խօսիլ, սակայն շատ սեղմ գիծերու մէջ,
Ա. Հայաստանի զինուած ուժերու եւ երկրի ռազմական պաշպանուածութեան հզօրացում։ Այս կը նշանակէ թէ ամբողջական գործակցութիւն պիտի գոյացուի բանակի վերակազմակերպման եւ ռազմական արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ, յաւելեալ ապաքաղաքականացումով եւ զուրկ ներ-քաղաքական մրցումներէ, որ օրէնքով պատժելի պէտքէ ըլլայ։
Բ. Տնտեսութիւնը վերակազմակերպելու անմիջական քայլեր՝ յատկապէս ռազմավարական արժէք ներկայացնող արդիւնաբերութիւն զարգացնելով: Այսինքն, ընտրել մէկ-երկու մարզ - օրինակ առողջապահական եւ դեղերու արտադրութեան մարզ, որոնք որակական մարզեր են եւ տարածաշրջանի մէջ փնտռուած - ու պետական մեծ զօրակցութիւն ցուցաբերել: Տնտեսական զարգացում եւ ընկերային արդարութիւն երաշխաւորելու գործերը համազգային կարեւորութեան խնդիրներ են։ Տնտեսութիւնը մենատիրական ճնշումներէ զերծ պահելը, բնական հարստութիւններու տնտեսումը կարգաւորելը, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու անվտանգութիւնը նաեւ համազգային օրակարգի մաս պէտք է կազմեն, եւ ասոնք արդէն ընդունուած օրէնքներու միջոցով։
Գ. Սփիւռքահայութեան ամբողջական ներգրաւածութիւն յանուն Հայաստանի վերելքին։ Այս կը նշանակէ Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան գործընկերութիւնը համարել ամենակարեւոր ռազմավարական գործընկերութիւն, եւ ստեղծել անոր գործնականացման համար անհրաժեշտ միջոցներ։ Վերցնել սփիւռքահայութիւնը (յատկապէս երկքաղաքացիները) ներգրաւելու արգելք հանդիսացող բոլոր սահմանադրական կաշկանդումները, եւ ապահովել մասնակցութիւն- յանձնառութիւն տրամաբանական հաւասարակշռութիւն։
Դ. Արտաքին քաղաքականութիւն եւ դիւանագիտութիւն վարող մեքանիզմներու վերակազմակերպում։