image

Թոքմաքճեան ամոլի առատաձեռն հովանաւորութիւնը՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր յոբելենական ձեռնարկներուն

Թոքմաքճեան ամոլի առատաձեռն հովանաւորութիւնը՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր յոբելենական ձեռնարկներուն

Գանատայի հայ համայնքային կեանքին մէջ բարերարութեան եւ եկեղեցանուէր ծառայութեան գեղեցիկ աւանդոյթը կը շարունակուի նոր դրսեւորումով մը։ Թորոնթոյի մէջ բնակող բարերարներ Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Հռիփ Թոքմաքճեաններ իրենց գոհունակութիւնն ու նուիրուածութիւնը արտայայտեցին՝ ստանձնելով Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի յոբելենական տարուան Օնթարիոյի հանդիսութիւններու գլխաւոր հովանաւորութիւնը՝ արժեւորելով Սրբազան Հօր բազմամեայ հոգեւոր եւ ազգային ծառայութիւնը

Ստորեւ այդ մասին Գանատայի Թեմի պաշտօնական էջին տարածած հաղորդագրութիւնը՝ 

Թորոնթոբնակ բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Հռիփ Թոքմաքճեաններ գոհունակ սրտով յանձն առին հովանաւորել Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի Քահանայական Ձեռնադրութեան եւ Օծման 42-րդ, Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութեան եւ Օծման 20-րդ եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդութեան 10-րդ ամեակներու նուիրուած Օնթարիոյի ձեռնարկները։

ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՄԵՐԳ
Ուրբաթ, 17 Յուլիս 2026

ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԸՆԹՐԻՔ GALA
Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2026

«Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ» (Բ. Կր 9:7)։

Այս առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան բարձր կը գնահատէ Թոքմաքճեան ամոլի առատաձեռն նուիրատուութիւնը եւ կը մաղթէ, որ Ամենակալին օրհնառատ բարիքները անպակաս ըլլան Թոքմաքճեան ընտանիքէն։