image

Դամասկոսի մէջ պայթումներ՝ Մաքրոնի այցի ժամանակ. վիրաւորուած է 18 մարդ 

Դամասկոսի մէջ պայթումներ՝ Մաքրոնի այցի ժամանակ. վիրաւորուած է 18 մարդ 

Դամասկոսի կեդրոնին մէջ Յուլիս 7-ի առաւօտեան տեղի ունեցած պայթումներու մասին հաղորդագրութիւններէն ետք Էլիզեան պալատը յայտարարած է, որ այնտեղ գտնուող Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ապահով վիճակի մէջ է։ Այս մասին կը հաղորդէ BBC-ին։

Անվտանգութեան աղբիւրը BBC-ին յայտնած է, որ երկու պայթուցիկ սարք գործի դրուած է, որոնց հետեւանքով քանի մը մարդ վիրաւորուած է։

Սուրիոյ մայրաքաղաքին մէջ պայթումի մասին հաղորդագրութիւններէն ետք, ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած տեսանիւթերուն եւ լուսանկարներուն մէջ կ՚երեւին ծուխ եւ բոցեր, որոնք կը բարձրանան Դամասկոսի հիւրանոցի մօտ կայանած ինքնաշարժէ մը։

Աշխատանքներ են տարվում միջադեպի պատասխանատուներին գտնելու ուղղությամբ։Ներքին գործերի նախարարությունը նշել է, որ պայթյունները տեղի են ունեցել Էմանուել Մակրոնի այցի վայրի անվտանգության պարագծից դուրս և վտանգ չեն ներկայացրել նրա համար։

 

Պայթումներու հետեւանքով 18 մարդ վիրաւորուած է

Դամասկոսի մէջ, Զբօսաշրջութեան նախարարութեան շէնքին մօտ տեղի ունեցած երկու պայթումներու հետեւանքով 18 մարդ վիրաւորուած է, որոնց շարքին՝ 4 ոստիկան։ 

Պայթումները տեղի ունեցած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Սուրիա կատարած այցելութեան ընթացքին, սակայն անոնք չեն ազդած Սուրիոյ նախագահին հետ նախատեսուած հանդիպման օրակարգին վրայ։

Սուրիոյ Ներքին գործոց նախարարութեան համաձայն, իրաւապահ մարմինները ընթացիկ գործողութիւններու ժամանակ յայտնաբերած են երկու պայթուցիկ սարքեր, եւ յատուկ ստորաբաժանումները սկսած են զանոնք վերահսկուած կերպով պայթեցնելու ընթացակարգը։ Սակայն նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքին սարքերը անսպասելիօրէն պայթած են։

Նախնական տեղեկութիւններու համաձայն՝ երկուքն ալ ինքնաշէն պայթուցիկ սարքեր եղած են։ Անոնցմէ մէկը տեղադրուած եղած է կայանուած ինքնաշարժի մէջ, իսկ միւսը՝ թաքցուած աղբամանի մէջ։

Իրաւասու մարմինները աշխատանք կը տանին դէպքի պատասխանատուները յայտնաբերելու ուղղութեամբ։

Սուրիոյ Ներքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ նշած է, որ պայթումները տեղի ունեցած են Էմանուէլ Մաքրոնի այցելութեան վայրի համար սահմանուած անվտանգութեան գօտիէն դուրս եւ որեւէ վտանգ չեն ներկայացուցած Ֆրանսայի նախագահին համար։

Նշենք, որ Յուլիս 6-ի երեկոյեան Դամասկոս ժամանելուն պէս Մաքրոնը գրառում ըրած էր X ընկերային հարթակին վրայ:

«Ես եկեր եմ՝ արտայայտելու Ֆրանսայի յանձնառութիւնը սուրիացի ժողովուրդին։ Յանուն ինքնիշխան Սուրիոյ, որ միաւորուած է իր բազմազանութեան մէջ եւ խաղաղութեան մէջ է հարեւաններու հետ։ Եկէք միասին բանանք կայունութեան եւ խաղաղութեան նոր գլուխ», - նշած է ան։

Մաքրոնի այցին ընդառաջ Ահմետ Շարըհ ֆրանսական BFMTV-ի հետ հարցազրոյցին ըսած է, որ Ֆրանսայի նախագահի այցը Սուրիա կարեւոր հանգրուան է երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ եւ կ՚արտացոլէ Ֆրանսայի երկարատեւ աջակցութիւնը սուրիացի ժողովուրդին։ Անոր խօսքով՝ Ֆրանսան կառուցողական դեր կատարած է Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներու չեղարկման գործին մէջ։

Նշենք, որ Սուրիա այցէն ետք Մաքրոն պիտի մեկնի Թուրքիա՝ մասնակցելու ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովին։ Էլիզեան պալատին համաձայն՝ նախագահի այցը «կը շարունակուի ըստ նախատեսուածի»։

Այս հաղորդագրութիւններուն զուգընթաց, Սուրիոյ պետական SANA լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, որ երկրի նախագահ Ահմետ Շարըհ նախագահական պալատին մէջ ընդունած եւ ողջունած է Էմանուէլ Մաքրոնը։ Ֆրանսայի նախագահին կ՚ուղեկցի ներդրողներու եւ ֆրանսական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւն։

Մաքրոնը Եւրոպական Միութեան առաջին ղեկավարն է, որ 2024 թուականին՝ Պաշշար Ասատի իշխանութեան տապալումէն ետք, կ՚այցելէ Սուրիա։ Ասիկա նաեւ Ֆրանսայի նախագահի առաջին այցն է Սուրիա՝ վերջին 17 տարիներու ընթացքին։