image
Հրատապ լուրեր:

Դատապարտելի երեւոյթ. Անծանօթներ պղծած են Ապրիլեան քառօրեայի մասնակիցներու շիրիմները

Դատապարտելի  երեւոյթ. Անծանօթներ  պղծած են  Ապրիլեան  քառօրեայի մասնակիցներու  շիրիմները

«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ՝ անյայտ անձիք պղծած են Ապրիլեան պատերազմին զոհուած զինծառայողներուն շիրմաքարերը։

 Անծանօթ    յանցագործները   յատուկ նիւթ  թափած են  շիրմաքարերու նկարներուն վրայ եւ անոնց շուրջ բիծեր   ըրած ենձ

 

  Եղած  վանտալիզմի  մասին   դիմատետրի  գրառում   կատարած է  Ապրիլեան պատերազմի մասնակից Ռազմիկ Գասպարեանը:

 

ՀՀ ոստիկանութեան  հասարակայնութեան հետ կապերու եւ լրատւութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ այս պահուն կ՝ուսումնասիրուի տեսանիւթը:

 

ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան, իր հերթին նշած է, որ դէպքը իրենց ուշադրութեան կեդրոնին է եւ իրենք նոյնպէս աշխատանքներ կը տանին պարզելու համար դէպքին հանգամանքները:

 

 Ներքոդրեալ   տեսանիւթը ՝ News.am  էն